2017-05-11 08:38:00

Սիտնէյի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 50 ամեակի նշում` Կարդինալ Սանտրիի ներկայութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչը` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, Աւստրալիայի Արեւելեան եկեղեցիներու պատկան հինգ եպիսկոպոսներու հրաւէրով, անցեալ 6 Մայիս 2017-էն ու մինչեւ 15 մայիս, հովուական այցելութեամբ կը գտնուի Աւստրալիա ուր վերջին տասնամեակներուն Արեւելքէն ժամանած բազմաթիւ հաւատացեալներ բնակութիւն հաստատած են, գաղթականութեան բերումով։

Աւստրալիա կեցութեան ընթացքին Ծիրանաւորը այցելութիւններ կատարեց արեւելեան եկեղեցիներու պատկան զանազան հասարակութիւններուն, որոնց շարքին Մարոնիթներու ''Our Lady of Lebanon'' աթոռանիստ Եկեղեցին ինչպէս նաեւ Քաղդէացիներու Սուրբ Թովմասի անուան թեմը, ապա Սիտնէյի Յոյն Մելքիթներու համայնքը։

Մայիսի 10-ին Կարդինալ Սանտրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Աւստրալիայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընդհանուր նիստին, մինչ երեկոյեան` այցելեց Ասորի Կաթողիկէներու ժողովրդապետութեան ապա հինգշաբթի 11 մայիսին յետմիջօրէին Աւստրալիայի Կաթողիկէ համալսարանի մօտ` Արեւելեան Եկեղեցիներու պատկան Սիտնէյի մէջ բնակող կղերական դասի անդամներուն հետ միասին, Կարդինալ Սանտրին կը նշէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի հիմնադրութեան 100 ամեակը։

Ուրբաթ 12 Մայիսին երեկոյեան Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին յատուկ այցելութիւն կը կատարէ Սիտնէյի հայ Կաթողիկէ  ''Վերափոխման'' Եկեղեցւոյ, ուր կը հովանաւորէ` ժողովրդապետութեան հիմնադրութեան 50 ամեակին  արարողութիւնը զոր կը գլխաւորէ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Հայր Բարսեղ Սուսանեանը։

Այս առթիւ մատուցուած սուրբ պատարագի արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Արեւելեան կաթողիկէ եւ օրթոտոքս Եկեղեցիներու եպիսկոպոսներ, Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակը Աւստրալիայի ''Նոր Հարաւային Ուելս - New South Wales'' նահանգի կառավարութեան ղեկավար` Տիկին Գլէյտիս Պերջիկլեանը։

Սրբազան Արարողութեան աւարտին, ժողովրդապետութեան հիմնադրութեան 50-րդ յոբելեանի առթիւ ու Կարդինալ  Լէոնարտօ Սանտրիի այցելութեան ի պատիւ, նախատեսուած է յատուկ ճաշկերոյթ մասնակցութեամբ Աւստրալիայի կղերական դասին ու Հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.